2017-04-16 11:27:00

Աղօթենք Վաստակաւոր Քահանայապետ` Պենետիկտոս ԺԶ-ին համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 16 ապրիլ 2017-ին, Սուրբ Զատկուայ տօնին առթիւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին զոր գլխաւորեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աղօթքի դիտաւորութիւններու ընթացքին յատուկ յիշողութեան արժանացաւ Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ որ ճիշդ այսօր կը բոլորէ իր 90-ր ամեակը։

2013-ին հրաժարականը ներկայացուցած քահանայապետը­, այժմ կ՛ապրի Վատիկանի մէկ վանքին մէջ, կեանքի վերջին հանգրուանը նուիրելով աղօթքի, մտածականի ու խորհրդածութեան,եւ ըստ Անոր անմիջական օգնական եւ ամենամօտ համագործակից` գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյնի` վաստակաւոր Քահանայապետի քարտուղար ու քահանայապետական տան կառավարիչը, Պենետիկտոս ԺԶ յառաջացած այս տարիքին, թէեւ ֆիզիկապէս տկարացած է կը շարունակէ սակայն, իր ուժերու կարողութեան համաձայն, ուսումնասիրական իր աշխատանքները եւ օրերը կ՛անցնէ նուիրուելով աղօթքի, խորհրդածութեան, առանձնական հանդիպումներու եւ իրեն շատ սիրած երաժշտութեան ինչպէս նաեւ իրեն ուղարկուած բազմաթիւ անմանկներուն պատասխանելով։

Գերապայծառ Կէյնզուէյն յայտնած է ապա թէ այս օրերուն Քահանայապետի տարեդարձին առթիւ Վատիկան կը ժամանէ անոր 94 ամեայ աւագ եղբայրը ու թէ տարեդարձի տօնը պիտի կատարուի վաղը` երկուշաբթի 17 ապրիլին,Գերմանիայէն ժամանած այլ բարեկամներու ներկայութեամբ։ 

 

Վաստակաւոր Քահանայապետին 90 ամեակին նուիրուած տեսերիզ

http://www.ctv.va/content/ctv/it/magazine/VM-nonno-15-04.html








All the contents on this site are copyrighted ©.